
ԴՐԱՄԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Շատեր՝ ովքեր քաղաքականութեան կը հետեւին՝ ընտրութիւններու եւ օրէնսդիր մարմիններու գործունէութեան՝ յաճախ լսած են այն բողոքը՝ որ ֆինանսաւորումը (նիւթականը) պէտք չէ այդքան վճռորոշ դեր խաղայ քաղաքականութեան մէջ: Նույնիսկ ամենայառաջդիմած արեւմտեան երկրներու պարագային՝ թէ տնտեսապէս եւ ժողովրդավարական մակարդակի առումով՝ ինչպէս օրինակ Արեվմտեան բազմաթիվ երկիրներ՝ կը լսենք նման բողոքներ:
Եւ եթէ նիւթական-ֆինանսական աջակցութիւն վայելողներ ընտրական թեկնածուներ ընտրուին ներկայացուցչական օրէնսդիր կառոյցներուն անդամ, սա՝ անշուշտ՝ հսկայական խնդիր կը ստեղծէ՝ քաղաքականութեան մէջ նիւթական-ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրող տարրեր ըսելով՝ նկատի ունինք հսկայ հաստատութիւնները՝ մեծահարուստները:
Ընտրուածները ուզեն-չուզեն պարտական են զգալու են այդ նիւթական-ֆինանսավորող կողմերուն՝ որոնց տրամադրած նիւթական աջակցութեան գործոնը մեծ դեր խաղցավ իրենց (ընտրուողներու) հաջողութեան եւ՝ հետեւաբար՝ միամտութիւն կ'ըլլայ ակնկալել՝ որ օրէնսդրութիւններն ու օրէնքները կը ձեւաւորեն՝ սահմանափակելու նման ֆինանսական հաստատութիւններու սանձարձակ դրամական աճը եւ կը կեդրոնանան միջին եւ բանուոր դասակարգի շահերու պաշտպանութեան ուղութեամբ օրենքներ մշակելու, կը պահպանեն հավասարակշռուած արդար մոտեցում
Նաեւ միամտութիւն պիտի ըլլար ակնկալել եւ պահանջել՝ որ քաղաքական հոսանքերը կրնան ինքնուրոյն շարունակել իրենց քաղաքական պայքարը՝ ինչքան ալ քաղաքական ուժեր պնդեն՝ որ իրենք բացառապէս կը ֆինանսաւորուին իրենց համախոհներու կողմէ եւ հետեւաբար անկախ են:
Այսօր՝ դասական Զ.Լ.Մ.-ներու (Զանգուածային լրատուողական միջոց) (Mass media) գերիշխանութեան դարաշրջանին՝ այլընտրանքային լրատուամիջոցները (Alternative Media) չեն կրնար մրցիլ Զ.Լ.Մ.-ներու հետ այն մակարդակով եւ չափով՝ որ կարենան հաւասարումը հաւասարակշռել։
Եւ նոյնիսկ այլընտրանքային լրատուամիջոցներու դաշտը՝ ինչպիսիք են ինթըրնեթը եւ սոցիալական միտիան, սոց-ցանցերը՝ դրամը նույնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ՝ արդեն բոլորը անդրադարձած են եւ կը գիտակցին այլընտրանքային լրատուամիջոցներու լրացուցիչ ուժը (ինչպես ֆութպոլը՝ բանուոր դասակարգի սփորը՝ որն այժմ պատանդ վերցուած է ֆինանսական յսկաներու աշխարհի եւ "պեթթինկի" (Betting) կողմէ):
Չափազանցութիւն չ'ըլլար պնդելը, որ քաղաքական աշխարհը՝ որը կը տնօրինէ եւ կը կառավարէ մեր կեանքը՝ նույնպէս պատանդ վերցուած է ֆինանսական վիշապներու կողմէ։
Բայց ժողովրդավարութիւնը կը մնայ լաւագույն իտէալական տարբերակ՝ իսկ ցանկացած այլ տարբերակ աղէտ է՝
Սակայն թէեվ կընդունիմ այն միտքը թէ ժողովրդավարութիւնը թերի է սակայն չի կայ այլ տարբերակ՝ ամէն ինչ ամենեւին կորած չէ:
Փակակիծներ բանամ եւ շեշտեմ՝ որ 3-րդ աշխարհի երկրները՝ որոնք ֆինանսապէս թոյլ են արդիւնաբերական մակարդակով յետամնաց հանդիսանալոււ պատճառով՝ այնտեղ քաղաքական դաշտին մեծ մասը կեղծ թատրոն է՝ ինչքան նիւթական կարիք կայ՝ այնքան աւելի հեշտ է վերահսկել միտիան եւ քաղաքական թատրոնը՝ որն իրազեկուածութեան-գիտակցութեան ամենացած մակարդակով եւ դեմագոգիայի՝ դոգմատիզմի՝ հանդուրժողականութեան պակասի եւ Manipulation-ի գագաթնակետով կը յայտնուի զանգուածներու մէջ:
Միւս կողմէ՝ հարուստ երկրներու պարագային՝ օրինակ ճարտարարուեստական արդիւնաբերական երկրներու՝ որտեղ կենսամակարդակն աւելի հարմարաւէտ է՝ մարդիկ աւելի դաստիարակուած են՝ գիտակից՝ զարգացած եւ հետեւաբար արթուն՝ եվ դժուար է զիրենք կուրորեն առաջնորդել իրենց ցանկացած ճանապարհներով
Հետեվաբար այս յատկանիշներով՝ ագահութիւնն ու մղումը նիւթական աղբիւր ապահովելու եւ քաղաքականութիւնը "լավ պիզնըս" նկատելու մօտեցումը կը նահանջէ՝ երբ քաղաքականութեամբ զբաղուողը աւելի բարեկեցիկ վիճակ կը վայելէ:
Այս բոլորին լուծումը գիտակից սերունդի մը գոյացումն է՝ որ կրնայ գնահատել հաւասարակշռուած չափաւոր քաղաքակիրթ ժողովրդավարական ընկերվարութեան առաւելութիւնները։
Սոցիալիզմը բարգաւաճելու համար անհրաժեշտ է առողջ միջավայր՝ որն առկայ է ճարտարարուեստական արդիւնաբերական երկրներուն մէջ:
Պատասխանը կը գտնուի իրազեկման եւ գիտակցութեան մէջ:
Վերջապես ըսեմ՝ թէ առաջարկել թէ Ժողովրդավարութիւնը թերի է՝ քիչ մ̕են ալ անարդար կը գտնուինք անոր հանդեպ՝ թերեվս ավելի տեղին կըլլար ըսել՝ թէ խնդիռը կիռարկումին մեջ կը կայաննայ՝ երբ ունինք գիտակից հասուն հասարակութիւն՝ որ գիտէ ճիշտ վարել Դեմոկրասիի սայլը՝ շատ ավելի արդիւնավետ կըլլան անոր պտուղները հետեվաբար սա կարող ենք նմանցնել ինքնաշարճի մը որ կը պահանջէ լավ վարորդ՝ այլ ոչ թէ խդնդիռը մեքենային մեջ կը կայաննայ